Գերապայածառ Ժորժ Բոնդիէ` ֆրանսայի Եկեղեցւոյ Նոր Նախագահ։
Մարսիլիոյ թեմի առաջնորդը` արքեպիսկոպոս Ժորժ Բոնդիէ, 17 ապրիլին, երեք տարուան համար
ընտրուեցաւ, որպէս նախագահ ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։ Ան կը յաջորդէ
Փաիզի առաջնորդ Կարտինալ Վէն-Դրուա-ին, որ ճանչցուած է որպէս երկխօսութեան մարդ։ Արքեպիսկոպոս
Ժորժ Բոնդիէ յառաջիկայ մայիս մէկին կը տօնախմբէ իր 70-րդ տարեդարձը։ 2001-2007 ան
եղած էր ֆրանսական եպիսկոպոսական համահաւաք դասի փոխ նախագահ, հետեւաբար լաւ կը ճանչնայ
ֆրանսայի եկեղեցւոյ կառոյցն ու անոր պահանջները։